La chute du roi

Սարսափ, վախ, արցունք, ահ
Պահպանեմ ինկող գահ
Ի՞նչկ'ընեն,դիտեմնախ
Արցունք, ահ, սարսափ, վախ

Ասանկ շատ չեմ տեւեր
Լուծում մը չեմ տեսներ
Մեռնիմ կամ մտնեմ դատ
Ասանկ չեմ տեւեր շատ

Ինչո՞ւ ես, ե'ս ինչու
Պատրաստ չեմ իջնելու
Չեմ իջներ աթոռէս
Ե'ս ինչու, ինչո՞ւ ես

Չեմ իջներ, չեմ երթար
Ո՞ւր երթամ, չեմ կրնար
Իմացէ'ք, սուլիչներ
Չեմ երթար, չե'մ իջներ

Կու գան կոր, կը լսեմ
Ա'լ պիտի չտեւեմ
Ես գացի, բարի օր
Ա'լ ուշ է, կու գան կոր

Բարի օր, ես գացի
Կ'ըսէ ու կը մեռնի
Ա'լ մեռար, թագաւոր
Ա'լ չկաս, բարի օր



Credits
Writer(s): Elâ Nuroglu, Ezgi Can, Marius Pibarot, Shushan Kerovpyan, Vahan Kerovpyan
Lyrics powered by www.musixmatch.com

Link