Aysbes g'ella

Որքան փախիս, քովդ կու գայ
Որքան մերժես, այդքան կու տայ
Որքան մերժես, այդքան կու լայ
Միասին ապրիլ այսպէս կ'ըլլայ

Կ'ուզես երթալ, հետդ թող գայ
Դուն կը քալես, ան թող սողայ
Դուն կը թռիս, ան թող լողայ
Մինակութիւնը այսպէս կ'ըլլայ

Կ'ուզես պոռալ, ան կը պոռայ
Կ'ուզես զարնել, մէկը չկայ
Մինչեւ ձգես լալդ կու գայ
Բարկութիւնը այսպէս կ'ըլլայ

Կ'ուզես դիտուիլ, դիտող չկայ
Խնդիր չկայ, վտանգ չկայ
Ասանկ տեղ մը ո՞վ կը մնայ
Ապրիլ ուզել այսպէս կ'ըլլայ

Իրար հասնող բառեր գտան
Իրար նայող լեռներ ելան
Տեսան, իջան ու հասկցան
Սիրոյ յոյսեր այսպէս կ'ըլլան



Credits
Writer(s): Elâ Nuroglu, Ezgi Can, Marius Pibarot, Shushan Kerovpyan, Vahan Kerovpyan
Lyrics powered by www.musixmatch.com

Link